Մեր կարմիր եզը / Հակոբ Մղձունի

Իրիկունը մեր դրսի տունը նստեր կը ճաշէինք, պապս`

— Ակոբ, — ըսաւ, — գիշերը երազս մեր կարմիր եզը տեսայ լեռը, քովս եկաւ, երեսները երեսիս քսեց, լզեց, չըլլա՞յ թէ գլխուն փորձանք մը գայ, վաղ առտու մօրդ հետ եզնոցը դարը ելիք գացէք, նայեցէք մէկ մը մեր եզնիքը:

— Հա՜, — ըսի, — երազն ալ բան է, երազին ալ կը հաւատացուի՞, ամէն մարդ շատ տեսակ երազ կը տեսնէ գիշերը, իրա՞ւ կ՚ելլեն: Երազի մը համար մինչեւ Ղարա Սըրթը` եզնոցը դարը, ելլենք երթանք:

Պապս ձայնը բարձրացուց.

— Ակոբ, հեչ անասունի վրայ գութ չունիս, հեչ մալի, տաւարի սէր, փափաք չունիս. կորսուեր են, գլորէր են, տեղ մը կոտրեր է, հիւանդցեր են` հոգդ չէ. ծօ՛ մեր ապրուստը անոնցմէ է, եզը որ չըլլայ` արտը ո՞վ պիտի վարէ, կալը ո՞վ պիտի կամնէ. եզան վաստակն է, որ կ՚ուտենք, կովն ու ոչխարը որ չըլլան, կաթը, մածունը ուրկէ՞ պիտի գտնենք, չըսե՞ս:

Մայրս, որ նստեր էր թոռներուն, այսինքն տղոցս կարգը, կինս, որ ունկվրայով ներսի տունէն թանապուր բերաւ, լռեցին:

Մամս` Տէրտիրանց Աղջիկը, որ սեղանին վերի գլուխը պապուս քով նստեր էր, եղբօրը` Տէր Պօղոսին բնաւորութիւնը ունէր, խիստ էր, երկրորդեց.

— Պապդ ի՞նչ կ՚ըսէ` մտիկ չընե՞ս, չելլե՞ս երթաս: Մօրդ հետ գացէք, նայեցէք ու եկէք: Երազները կ՚ելլեն: Տանը տղան դուն ես: Ո՞վ պիտի երթայ: Ի՞նչ ընենք, հա՞րսը ղրկենք:

Ալ չըսի, թէ եզնիքը նոյն տեղերը չեն մնար, ամէն օր տեղ կը փոխեն, Համիէն, Քեշիշ Տիւզիէն մինչեւ Տոստալի տակը, Եփրատը, Ղարայ Սըրթի լեռն է, Եզնոցը Դարն է, ութը, ինը գիւղի եզնիքը կ՚արածին, մեր գիւղինները ո՞վ գիտէ` ո՞ր կողմն են:

— Աղէկ, աղէկ, վաղը առտու կ՚երթանք, — ըսի:

Առտուն մութին մօրս հետ ճամբայ ելանք: Այնքան կանուխ, որ գիւղին դէմի Սուրբ Եղիայի բլուրը դարձանք, Պանտրծակ կ՚ըսենք, անկէ վար Խաչքարի դարվարին իջանք, անկէ անդին ճամբան կը շտկուի, ճերմակ ալիւրի փոշիի պէս Պարանհողքը կայ, դիմացը ժայռերէն հոսող աշխարհի ամէնէն անուշ ջուրերէն` Մամասալի ջրվէժը, աւելի վար, մեր աջը, նորէն ժայռերուն տակէն բխող Աղիջրակը եկանք, մուսմութ էր: Հոնկէ դարվեր ելանք, խորունկ ձորերուն վրայ նայող երկու կապանները կան, անոնցմէ ալ անցանք ու նորէն դարվար իջանք, այգիներուն գետը Ղարապուտախը, անոր վրայի կամուրջէն Անծեղկայի հանդը եկանք. ին-ճին չկար: Իսկ գետին ձայնը աշխարհքը բռնէր էր: Նորէն դարվեր ելանք, բարձունքը, մեր աջը` շատ վարը Թեղը, Թեղին այգիներր, միւս կողմը, մեր ձախը` գրչիկներու առուն, որ Քաջտանի քարերէն կուգայ մինչեւ հոդ որ եկանք` լաւ մը լուսցաւ, առտու եղաւ: Վարը, պաղլեղի գոյն գետին ջուրերը, Սուլթան Մաղարային, Քարին, Պատերուն, Եղիակին այգիները հատ հատ տեսնուեցան: Եւ երբ Քարնետած եկանք, ուրկէ վարէն նշան առնելով քար կը նետեն, ինկած տեղը սահելուն կամ մնալուն համեմատ` յղիները աղջի՞կ, թէ մանչ պիտի ծնին` կը գիտցուի, արեւը կարմրցուց Սուրբ Գէորգին ճերմակ մատուռը, Լուսաղբիւրը, բռինչները, Ղասօյին ու Մախսօյին հանդիպակաց փարախները: Ղասօյին տղաքը այծերուն հօտը կը քշէին լեռն ի վեր:

Լուր մը առնելու համար ձորէն մինչեւ փարախները ելանք: Ղընէն` Ղասօյին կնիկը, նստեր էր դուռը, աղբակոյտերուն դիմացը, երկու հարսները` Զուլալն ու Կոհառը, քուրդերն ալ, մեզի պէս, Գոհար անունը ունին, ներսէն դուրս եկան, չգիտենք` ըսին:

— Միայն` երկու շաբաթ եղաւ` ձեր գեղին եզնիքը Բերդհովիտի ետեւներն էին, ետքը ո՞ւր գացին` ո՞վ գիտէ: Անգամ մըն ալ ձեր եզնոցը հովիւը` Իպօն, Պեկտաղի գացեր էր, եկաւ նստաւ, Ղասօյին հետ խօսեցան, — ըսին:

Հարսները քրդական գօտիով ու քունքէ քունք պղնձէ կարմիր դրամներ շարած ճակատներով, մօրս հագած Շամու գինեգոյն էնթէրին ու կապոյտ չուխա սալթան շօշափեցին, «ղըզ, նէ կիւզել տըր» ըսին ու հիացան:

Ալ չկեցանք: Լեռան միւս կողմը վեց տուննոց ղզլպաշի գիւղ մը կար, Խել — մը — կայ կ՚ըսեն, հոն չգացինք: Ի՞նչ լուր պիտի կրնայինք առնել, նորէն ձորը իջանք: Ու Կարմիր Կապաններու կարմիր ժայռերու մէջէն` Հասան Թանառ ելանք, Ղարայ Սըրթի կապարագոյն մասը: Այս տեղերը մեր գիւղին փայտի դարն էր, վառելափայտին լեռը, Կաղնեստաններու մէջէն ու եզերքէն քալեցինք, որոնք բացաստաններով կ՚ընդհատուէին ու նորէն կը շարունակուէին: Հեռաւոր հորիզոններով աշխարհ մը կար մեր առջեւը: Բինկեանը երեւցաւ Սոսեկի լեռներուն փէշը, աւելի ճիշտը` գոգը, կապտաւուն մշուշի մը մէջ, դիմացը` գետին միւս կողմը, գիւղին այգիներն էին:

Դեղնուկի լանջքերուն տակ Զիմառան տեսանք, պարտէզներու ի՜նչ հոծ կանաչութիւնով մը շրջանակուած: Ու Եփրատի հովիտը, ու Արջուկին Խանը, ու Քերուան Եոռանի ճամբան, որ կը ձգուէր ու կը ձգուէր: Մարդ չկար, բայց վախ ալ չկար, ո՞վ պիտի համարձակէր ծուռ նայելու մեզի, մեր գիւղին լեռներն էին, մենք ու խաշնարած քուրդերը կային, որոնք ձմեռը իրենց հօտերով Ղարապուտախի ու Եփրատի քարայրները կը ձմեռէին, իսկ ամառը Ղարա Սըրթի այս արօտները կը բարձրանային:

Գագաթի մը վրայ, որ երկնքին կը դպէր կարծես, միակ կին մը կայնէր էր հօտի մը մէջտեղը, որոնք իր շուրջը կ՚արածէին: Քրդուհի մըն էր: Մինչեւ իր քովը չելանք, վարէն պոռացի,

— Է՜յ…Կաճճէ՜…

Կինը մեզի դարձաւ:

— Մեր Պզտիկ Արմտանին եզնոցը տեղը գիտե՞ս… Մեր Պզտիկ Արմտանի՜ն… Մեր Պզտիկ Արմտանի՜ն… Մեր Պզտիկ Արմտանի՜ն… եզնոցը տե՜ղը… եզնոցը տե՜ղը… եզնոցը տե՜ղը… գիտե՞ս, գիտե՞ս — գիտե՞ս…

Իւրաքանչիւր մասը խօսքիս` երեքական անգամ կրկնեցի, ինչպէս կ՚ըսենք մենք` հեռուէն հեռու, լեռնէ լեռ երբ խօսելու ըլլանք: Ձայնս Ղարա Սըրթը բռնեց:

— Ի՞նչ կ՚ըսես, — պատասխանեց:

— Կ՚ըսե՜մ թէ… կ՚ըսե՜մ թէ… կ՚ըսե՜մ թէ…— պոռացի ու նորէն, որքան ձայն ունէի, իւրաքանչիւր խօսքս երեքական անգամ կրկնեցի.

— Նըզանը՜մ — նըզա՜նմ — նըզանը՜մ, — պատասխանեց։

— Չեմ գիտէր` ըսաւ: Ալ ի՞նչ պիտի ընես:

Տոստալ հասանք, որ նոյնպէս Ղզըլպաշի գիւղ մըն էր: Հողէ տուները այնքան ցած էին, որ` փողոցէն տանիք ելիր, եթէ կ՚ուզես: Այծերը արօտ ղրկեր էին, կիները բաց դուռներուն մէջ մածուն կը հարէին խնոցիներով: Բակերը, փողոցները, ամէնուրեք այծի սպլտուր ու մէզ էին, արեւին տաքութենէն աղբ կը հոտէր գիւղը: Մքայէլ քեռիիս տոսթերն էին տոստալցիները, շատ կուգային քեռիիս տունը, մայրս որ տեսան` խնոցիները հարելը կեցուցին, թափեցան վրան: Քիպարային ու Սալմանին կնիկները մեր թեւերէն քաշեցին, որ իրենցը երթայինք, բայց մենք մերժեցինք, մեր եզնիքը տեսնել եկեր ենք` ըսինք: Մեր Մեծ գիւղին եզնոցը գիշերած ձորը մեզ ղրկեցին, անպատճառ Եփրատին ափերը պիտի ըլլան, — յարեցին, — հովիւներէն կը հասկնաք ձերիններուն տեղը:

Գտանք, ինչպէս բացատրեցին` խորունկ ու ջուրով ձորի մը միւս կողմը, գետահայեաց արօտավայրի մը վրայ ցրուած, կ՚արածէին: Բաղաշտաշի դիմացը եկած էինք, մեր դէմի ափն էին տուները: Հովիւները` Վահանն ու Դանիէլն էին:

— Ետ դարձէք, ե՜տ, ե՜տ, ե՜տ, — պոռացին մեզի իրենց տեղէն, մեր հարցումներին պատասխանելով, — Իպօն` ձեր հովիւը, ձեր եզնիքը Ղարապուտախի միւս ափը անցուց, միւս ա՜փը… միւս ա՜փը… միւս ա՜փը, — Ղափլան Ղայասիէն Ինըսունըիննէն գետը իջէք, գետը… գե՜տը… գե՜տը, — Ամըրքարի դարվերներէն Ճերմակ Քարտա՜կ ելէք… Ճերմակ Քարտա՜կ — Ճերմակ Քարտա՜կ, Խորան աղբիւրին կամ Դեղջուրին երեսները պիտի ըլլան, Խորան աղբիւրի՜ն… Դեղջուրի՜ն… Խորան աղբիւրի՜ն… Դեղջուրի՜ն… – հասկցա՞ք… հասկցա՞ք… հասկցա՞ք…

Խորան աղբիւրէն տեսանք: Դեղջուրի ձորին երկու երեսները կ՚արածէին: Հասանք ու մտանք իրենց մէջ: Հովիւը` Իպօն, չկար, աղջիկը Նըզառէն կար, որ Թեփթացի երկու աղջիկներու հետ բոլորուեր, նստեր քար կը խաղային. տղոցմէն կրտսերը` Ասսօն կար, որ Կախմխցոնց տղոցը հետ հովիւներուն լեռը խաղցած տեսակի չալուկ կը խաղային: Նըզառէն մեզ տեսաւ ու վազեց, եկաւ:

— Եզնիքը տեսնել եկանք, — ըսինք ու շրջեցանք, ամէն եզին քովէն անցնելով ու նայելով: Մեր երեք եզները տեսանք, նոյնպէս կնոջս Մարանցինները, Կորջայենցիները, Քեռոնցինները, որոնք խոտերը փրթցնելով ու ուտելով, կ՚ընթանային: Լեռը ու գիշեր-ցերեկ երեք ամսուան բացօթեան ինչպէ՜ս գեղեցկացուցեր էին զիրենք: Սեւերը աւելի սեւցեր, ճերմակները աւելի ճերմակցեր, գորշերը աւելի գորշացեր էին: Ամէնուն կոտոշները կը փայլէին: Եզ մը կար, մանաւանդ, նայեցանք ու նայեցանք, ու հիացանք: Արեւէն կը շողային աչքերը, շուրթերը, ճակատը, թարթիչները, մազերը: Ի՜նչ հոյակապ էր, բարձր սրունքներով: Մազերուն գոյնը մեր կարմիր եզինին կը մօտենար, բայց ասորինը կարմիր ալ չէր, կրակի, բոցի, արեւի գոյն մըն էր: Եւ յետոյ` մերինին երկու անգամն էր:

— Արո՞ւ եզն է, — հարցուցինք Նըզառէին:

Շրթները վերցուց:

— Աղջի, մարդու պէս չխօսի՞ս, որո՞ւնն է, — յանդիմանեց մայրս:

— Ի՞նչ գիտնամ, Նանէ հարսիկ, պապաս գիտէ:

Մօրս Նանէ հարսիկ կը կանչէր:

Ասսօն ալ չէր գիտէր: Մեծ եղբայրը` Տիապը ըլլար, գիտէր, թէ որունն է, ըսաւ:

Բայց մեր կարմիր եզը չտեսանք, չկար: Նախապէս չկասկածեցանք, որեւէ կողմ մը կ՚արածի` խորհեցանք, բայց աւելի վերջը, երբ երկու ձորերուն յետին անկիւնները ժուռ եկանք ու փնտրեցինք, իրար անցանք: Չկար:

Առտուն պապաս համրեց` լման էին, — պնդեց Նըզառէն:

— Էներուն նայինք մէկ մըն ալ, — ըսաւ մայրս, — չըլլա՞յ, թէ լեռը մազերնուն գոյնը փոխէ ու չճանչնանք:

Որունին, որ եզուն նայեցանք, մեր տան էները չունէին:

Եզներու մէջ ամենագեղեցիկին, բարձրասրունքին, արեւափայլ մազերովին մօտեցայ: Չխրտչեցաւ, թողուց:

Ու մէկէն չհաւատացի, ապշեցայ: Մեր էնե՜րն էին: Աջ ականջին տակը իմ նշաննե՜րս էին, իրարմէ բաց, երեք հատ: Մեր ե՛զն էր: Այս ի՛նչ էր ըրեր լեռը, ի՜նչ արեւաշող թարթիչներով, արեւաշող ճակատով ու աչքերով եզան մը փոխեր, պայծառակերպէր էր: Ամենէն անուանի արձանագործը եզան մը արձանը շինելու ըլլար, այս աչքերս խտղող, այս արու գեղեցկութիւնը պիտի չկրնար տալ: Երազին մէջ պապուս երեսները լզածին պէս` երեսներս լզեց:

Իրիկունը՝ մեր ընթրիքի ամենօրեայ պահուն, ինչպէս միշտ` լուսաչօք, երբ սեղան նստանք ճաշելու, մի առ մի պատմեցի:

Աստղկան սայլը / Համաստեղ

Գյուղեն քիչ հեռու, ջաղացքներու մոտ, քով քովի երկու անձև ժայռեր կային: Գյուղացիներն այդ ժայռերը Աստղկան սայլ կկոչեին:
   Փոքրիկ, շատ փոքրիկ էինք: Օր մը Աստղկան Սայլին քով առվակին եզերքը կխաղայինք, երբ ծեր ջաղացպանը մեզ իր մոտ կանչեց  ու ըսավ.
 «Ինձ մոտ եկե՛ք մանուկներ. ձեզ բաղարջ պիտի տամ. եկե՛ք, նստեցեք, ես ձեզ պիտի պատմեմ Աստղկան  Սայլին հեքիաթը աղվոր»:

 Եվ ծեր ջաղացպանը իր հնամաշ գոտիեն ծխամորճն հանեց ու այսպես պատմեց:
 Կար ու չկար ձկնորս մը կար: Այդ ձկնորսը, գիշեր մը, լապտերը վառեց, շալկեց իր ուռկանն ու ծովափ իջավ: Երկնի վրա կային լիք աստղեր. աստղեր կային ծովուն մեջ:
   «Ծովն ի ՜նչ խաղաղ է» — ըսավ ձկնորսը ու նավակ մտավ. նավակի քթին` լապտերը կախեց ու սկսավ թևճակներով, խոշոր մատյանի մը հին թերթերուն պես, թերթ-թերթ, թերթատել էջերը ծովին:
   Շատ գնաց, թե քիչ, «Հոս ձուկեր շատ կան», ըսավ, կանգ առավ ու ուռկանը ծով նետեց հանդարտ: Երկա ՜ր սպասեց ու հեղ մ’ալ, տեսնես, ուռկանը ծանր դուրս քաշեց ծովեն: Բա ՜,  ի ՜նչ տեսնե, աստղե ՜ր, աստղե ՜ր, ուռկանին մեջ լեփլեցուն աստղեր, աստղերուն կպած մի քանի շարժկլտող կարմիր խեցիներ:
  «Աստղերն ի ՞նչ ընեմ, ես ձուկ կուզեմ, ձուկ լեցուն ուռկանով: Աստղերն ի ՜նչ ընեմ», — ըսավ ձկնորսը, տրտմեցավ, ու լուսադեմին ուռկան մը լեցուն աստղերը շալկեց, ուղիղ տուն գնաց:
  «Հե ՜յ, կնիկ, դուրս ե՛կ, աստղեր եմ բերեր»,- պոռաց ձկնորսը. Է ՜հ, ի ՜նչ քոռ բախտ, ուռկանը նետեցի, աստղեր դուրս եկան: Աստղերն ի ՜նչ ընեմ»:
   Կինը արթնցավ ու դուռը բացավ. բեռը աստղերուն` ուսեն վար առավ:
   «Օ ՜հ, ի ՜նչ աղվոր են, օ՜հ, ի ՜նչ փայլփլուն», — ձկնորսին կինը ըսավ ու խնդաց. խնդաց ու պարեց. ցատկեց ու էրկան վզին փաթթվեց, հափ հափ համբուրեց:
   «Օ ՜հ, ի ՜նչ աղվոր են. ես ձուկն ի ՜նչ ընեմ»,- ըսավ ու մեկ-մեկ վեր առավ աստղերն, իր վզին կապեց, զույգ ականջներուն զույգ օղեր շինեց, մատներուն անցուց, ու հատ մ’ալ այծին կոտոշեն կախեց:
  Հաջորդ առավոտ, կանուխ, ձկնորսը, աստղերու դեզ մը իր սայլի մեջ լեցուց ու դուրս հանեց փողոց, ծախելու համար:
                                              «Աստղեր, հա ՜, աստղեր,
                                              Շատ աժան աստղեր»:
 Փողոցե փողոց պոռաց ձկնորսը:
 Գյուղացիները դռներնին բացեցին, ձկնորսի ձայնին ականջ ծռեցին:
 Գյուղացի կիններ ձկնորսը իրենց տուն կանչեցին:
 «Հե ՜յ ձկնորս աղբար, ինձ աստղեր կուտա ՞ս: Հե ՜յ ձկնորս աղբար, տես` ի ՜նչ աղվոր եմ: Ես հոս մինակ եմ… եկուր, ներս եկուր, ա ՜յ ձկնորս աղբար, ես դրամ չունիմ, ինձ  աստղեր  կուտա ՞ս»:
  Աղերսեցին այն կիները, որոնք դրամ չունեին:
  Ձկնորսը կուտար, ով որ դրամ տար:
                                                 «Աստղեր, հա՜, աստղեր,
                                                 Շատ աժան աստղեր»:
   Գեղին մեկ ծայրը, խարխուլ տան մը մեջ, այն հին օրերուն կապրեր մինուճար խեղճ բանաստեղծ մը: Գյուղացիք անոր Աշուղ կըսեին: Աղքատ աշուղը տան պատեն կախած իր կիթառեն զատ ա՛լ ոչինչ ուներ:
   Աշուղը լսեց ձկնորսին ձայնը, իր սազը առավ, դուրս ելավ դռնեն: Փոքրիկ սայլի մը վրա տեսավ աստղերու դեզ մը: Երկնքի աստղեր, վերեն վար իջած իրական աստղեր, որ խեղճ աշուղը, մերկ ու անոթի, հեռավոր աստղեր միշտ երազելով միայն ապրած էր:
   Իր սազը ձեռքին` աշուղն աղերսեց – «Ա ՜յ ձկնորս աղբար, քեզ լավ երգ երգեմ, ինձ աստղ մը կուտա ՞ս»:
 «Չէ, չեմ տար»:
 «Ա ՜յ ձկնորս աղբար, սայլդ ես կքաշեմ, ես դրամ չունիմ, ինձ աստղ մը կուտա ՞ս»:
  «Չէ, չեմ տար, ըսի »:
  «Ա ՜յ ձկնորս աղբար, իմ կյանքը քեզի, իմ սազը քեզի, ինձ աստղ մը կուտա ՞ս»:
  «Չէ, չեմ տար, ըսի. ես սազն ի ՞նչ ընեմ»:
  Ու խեղճ աշուղը սայլին ետևեն գնաց ու գնաց, ոտքերը բոպիկ, հոգնած, քրտնած, սազն անութին տակ, սայլին ետևեն գնաց ու գնաց:
   Ձկնորս իր սայլով գյուղեն դուրս ելավ, ուրիշ գյուղ մտավ. անցավ այգիներ, կամուրջներ անցավ: Աստղերը ծախեց թե ջորեպանին և թե րենճպերին: Մի քանի աստղեր հազիվ մնացին:
  «Ա՜յ, ձկնորս աղբար, թո՛ղ բռնեմ աստղ մը, ձեռքիս մեջ առնեմ»,- միշտ կաղերսեր աշուղը հոգնած:
   Երեկո էր, արևմարին, ձկնորս ու աշուղ գյուղ շտկվեցան: Մեյ մըն ալ, տեսնես, մութ ջաղացքներեն մեծ հով մը փրթավ ու արագ արագ գյուղին մեջ դարձավ: Հատ-հատ հավաքեց աստղերը բոլոր` կովին կռնակեն, ձիուն ճակատեն, կիներու սեփ սև վարսերուն մեջեն, բուխերիկներեն, պատուհաններեն, ու բաց մնացած դռներու մեջեն, աստղերն հովին հետ դեպի երկինք  թռան. հոն ամեն մեկ աստղ իր տեղ թառեցավ:
   «Հե ՜յ ժաժ ելավ, ժաժ իմացա ՞ք: Մեր տունը ամբողջ հիմեն սարսեցավ»:
   Գյուղացիները ելան, շփոթված իրարու ձայն տվին:
   «Ու ՜յ, ու ՜յ աստղերս առին, ու ՞ր տարին: Վա ՜յ այն ձկնորսին, վա ՜յ այն կախարդին»:
   Եվ խելագարներու պես գյուղացիները չորս կողմ ինկան ու փնտրեցին  ձկնորսը կախարդ:
   «Հե ՜յ, լծվոր, հե ՜յ, ջրվոր, ձկնորսը տեսա ՞ք»:
   «Հա, տեսա, ձկնորսը կամուրջեն կանցներ, աստղեր կծախեր, ու խևն ալ անոր ետև կվազե»:
   «Հա, հա, տեսա ձկնորսը ջաղացքներուն մոտ. աստղերը ծախեր ու գյուղ կդառնար»:
   Այս ճամփուն վրա, փոքրիկ մանուկներ, այն կապույտ հովը փոթորիկ դարձավ: Փոթորիկը գնաց ձկնորսին սայլին վրայեն անցավ, մնացած մի քանի աստղերը առավ ու երկինք տարավ:
   Էհ, ի ՜նչ փոթորիկ…
   Կայծակի մը պես կայծ տվավ, շանթեց:
   Ձկնորսը այրող հոսանք մը զգաց. Ցնցվեցավ, սևցավՙ…
   Գյուղացիներն եկան,  առվակին քով, ձկնորսն իր  սայլին հետ քար արձան գտան:
   Աշուղն ալ ըսես, փոթորկին հետ ափուչիք եղավ…
   Աստղերն, աշուղին զույգ թևեր տվին, առին վեր տարին: Վեր տարին, իրենց խաղընկեր արին:

Essay / Global warming

Global Warming is caused by the increase of carbon dioxide levels in the earth’s atmosphere and a result of human activities that have been causing harm to our environment for the past few centuries now. Global Warming is something that can’t be ignored and steps have to be taken to tackle the situation globally. The average temperature is constantly rising by 1.5 degrees Celsius for the last few years. The best method to prevent future damage to the earth, cutting down of more forests should be banned and Afforestation should be encouraged. Start by planting trees near your homes and offices, participate in events, teach the importance of planting trees. It is impossible to undo the damage but it is possible to stop further harm.